ՄԻՊ ներկայացուցիչները հանդիպած են Հայաստան վերադարձած 5 գերիներուն հետ

2021-02-12
Image

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի յանձնարարութեամբ՝ երէկ Պաշտպանի ներկայացուցիչները, այդ շարքին՝ բժիշկը, առանձնազրոյցներ ունեցած են Ատրպէյճանի մէջ գերութենէն ազատ արձակուած եւ Հայաստան վերադարձած 5 գերիներուն հետ։

Իրականացուած է անոնց առողջական վիճակի ուսումնասիրութիւն:

Այցի արդիւնքներով պիտի ձեռնարկուին անհրաժեշտ գործողութիւններ: