Միջազգային լրատուամիջոցներ արձագանգած են Ստեփանակերտի մէջ կայացած հանրահաւաքին

Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ 25 դեկտեմբերին տեղի ունեցած համաժողովրդական հանրահաւաքը յայտնուած է միջազգային շարք մը առաջատար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին:
Հանրահաւաքի մասին գրած է Agence France Presse (AFP) գործակալութեան թղթակիցը: Յօդուածը տարածած են France 24, Digital Journal, Channel News Asia, RFI լրատուամիջոցները:
Յօդուածի հեղինակը հակիրճ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի՝ 2 շաբաթ շարունակուող արգելափակումը:
Յօդուածի հեղինակը, վկայակոչելով ՀՀ կառավարութիւնը, նշած է, որ Լաչինի միջանցքի արգելափակումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջացած է սնունդի, դեղորայքի եւ վառելիքի պակաս:
AFP-ի թղթակիցը զրուցած է Ստեփանակերտի 70-ամեայ բնակչուհի Տոնարա Գաբրիելեանի հետ, որ շեշտած է, որ Լաչինի միջանցքով Արցախը կը կապուի ոչ միայն Հայաստանի հետ: «Սա միակ ճանապարհն է, որ կապում է Արցախը մնացած աշխարհի հետ, ոչ միայն Հայաստանի, քանի որ մենք աշխարհի հետ կապւում ենք Հայաստանի միջոցով», -ըսած է Տոնարա Գաբրիէլեանը:
Ստեփանակերտի մէջ երէկ տեղի ունեցած հանրահաւաքին անդրադարձած է նաեւ ТАСС լրատուական գործակալութիւնը: Լրատվամիջոցը նոյնպէս ներկայացուցած է վերջին երկու շաբաթներուն Լաչինի միջանցքի արգելափակումը եւ երկու կողմերու յայտարարութիւններն այդ առնչութեամբ: