Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր

2021-11-01
Image

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը նոյեմբեր 1-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են: Այս մասին յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական կայքը:

Նախարարները քննարկած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի յունուար 11-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր՝ հաշուի առնելով այն, որ կը լրանայ լիակատար զինադադարին ուղղուած նոյեմբերեան եռակողմ փաստաթուղթի մէկ տարին: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մարդասիրական՝ պահուող անձանց վերադարձի, ականապատ տարածքներու քարտէզներու տրամադրման, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հրատապ խնդիրներու լուծման:

Երկու երկիրներու ԱԳ ղեկավարները «ճշգրտած են ժամերը» հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան վերացման, Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրային եւ տնտեսական բոլոր կապերու ապաշրջափակման, տարածաշրջանային համագործակցութեան համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու վերաբերեալ հարցերու շուրջ:

 Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային միջադէպերու քաղաքական եւ  դիւանագիտական կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է հայ-ռուսական համագործակցութեան արդիական հայեցակէտերուն՝ հաշուի առնելով տարբեր մակարդակներով առաջիկայ երկկողմ շփումները: