Միրզոյեանն ու Պորելը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր

2023-03-03
Image

3 մարտին աշխատանքային այցով Նիւ-Տելհի գտնուող ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի հետ։

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան օրակարգի հարցերուն շուրջ: Երկուստեք կարեւորուած է Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայումը, որ 20 փետրուարին պաշտօնապէս մեկնարկած է իր գործունէութիւնը։

Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան հարցերուն։ Արարատ Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է առանց նախապայմաններու Լաչինի միջանցքն ապաշրջափակելու հրամայականը՝ 2020-ի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան դրոյթներուն համապատասխան։ Այս շրջածիրին մէջ կարեւորուած է միջազգային հանրութեան գործուն ներգրաւուածութիւնը, որպէսզի Ատրպէյճան կեանքի կոչէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ հրատապ միջոցներու կիրառման վերաբերեալ 22 փետրուարին կայացուած՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումը: