Միրզոյեան Նաթոյի պաշտօնեային ուշադրութիւնը հրաւիրեց Թուրքիոյ մասնակցութեամբ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին

2021-10-25
Image

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հոկտեմբեր 21-ին ընդունեցաւ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Նաթոյի գլխաւոր քարտուղարին յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինա Փիրիզը:

Ինչպէս կը յայտնեն ԱԳ նախարարութենէն, զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի ու Նաթոյի միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին գծով: Արարատ Միրզոյեանը կարեւորեց Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրին իրականացումը՝ որպէս ՀՀ-Նաթօ համագործակցութեան զարգացման արդիւնաւէտ գործիք։ Խաւիեր Քոլոմինա Փիրիզը նշեց, որ Հայաստանը կը համարուի Հիւսիսատլանտեան դաշինքին վստահելի գործընկերը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանումներու շարունակական ներգրաւուածութեան միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն: Կը նշուի, որ Խաւիեր Քոլոմինա Փիրիզը շնորհակալութիւն յայտնած է Նաթոյի խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան համար:

Նախարար Միրզոյեանը կարեւորեց նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի «Կանայք, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» 1325 բանաձեւի դրոյթներուն իրականացումը եւ այդ առնչութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Ազգային գործողութիւններու ծրագրին իրագործումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Նախարար Միրզոյեանը իր զրուցակիցին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէճանի կողմէ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին: Այս շրջածիրէն ներս ան շեշտեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան լիազօրութիւններուն ներքոյ Արցախեան հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Կողմերը նաեւ արձանագրեցին վէճերու կարգաւորման նպատակով ուժի չկիրառման սկզբունքի պահպանման կարեւորութիւնը: