Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի անընդունելի վարքին մասին

2022-09-22
Image

21 Սեպտեմբերին ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Ցեղասպանութեան կանխարգելման հարցերով ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի յատուկ խորհրդական Էլըս Ուայրիմու Նտըրիթուի հետ։

Արարատ Միրզոյեան եւ Էլըս Ուայրիմու Նտըրիթուն գոհունակութիւն յայտնած են ցեղասպանութիւններու կանխարգելման օրակարգի յառաջմղման, այլատեացութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան կապակցութեամբ։ Նախարար Միրզոյեանն ընդգծած է յատուկ խորհրդականի մանթատի կարեւորութիւնն ու պատրաստակամութիւն յայտնած է ատոր ներքոյ շարունակելու արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը։

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխարգելման գործին մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու դերակատարութեան վերաբերեալ:

Անդրադառնալով ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ սանձազերծուած ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին՝ նախարար Միրզոյեան զրուցակցի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային եւ մարդասիրական իրաւունքի շարունակական կոպտագոյն խախտումներու վրայ։ Նախարարը շեշտած է այդ յանցագործութիւններու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի եւ ատոնց կանխարգելման մեքենականութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը։