Միրզոյեան- Պայրամով հանդիպում Նիւ Եորքի մէջ

2021-09-25
Image

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները յայտարարութիւն տարածած են․ «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները՝ Իկոր Խովաեւը՝ ՌԴ, Ստեֆան Վիսքոնթին՝ Ֆրանսա եւ Էնտրիւ Շոֆըրը՝ ԱՄՆ, Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի 76-րդ Գլխաւոր վեհաժողովի շրջածիրէն ներս առանձին հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Ինչպէս նաեւ կայացած է արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ համատեղ հանդիպումը։ Համանախագահները կ'ողջունեն 2020 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր առաջին նման հանդիպումը՝ որպէս երկու երկիրներու վճռականութեան նշան՝ վերսկսելու խաղաղ գործընթացը ուղիղ երկխօսութեան միջոցով, որ ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման հաստատման։

Միջնորդները, իրենց մանտաթին համապատասխան, կը վերահաստատեն կողմերու հետ աշխատելու հաւատարմութիւնը՝  ԼՂ հակամարտութեան հետ կապուած եւ անկէ բխող բոլոր մնացած հարցերու համապարփակ լուծման համար։

Միջնորդները յստակ, նպտակաուղղուած միջոցներ առաջարկած են իրավիճակի ապամագլցման եւ հնարաւոր հետագայ քայլերու վերաբերեալ»։