Մոսկուան կարեւոր կը համարէ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու այցերու վերսկսումը տարածաշրջան. Զախարովա

2021-11-11
Image

«Ռուսաստանը կը կարեւորէ ԵԱՀՄ Մինսքի խումբի համանախագահներու՝ ամբողջական ձեւաչափով Ղարաբաղ այցերու շուտափոյթ վերսկսումը», – Նոյեմբեր 10-ին Մոսկուայի մէջ յայտարարած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան։

«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ձեւաչափը լայն միջազգային աջակցութիւն կը վայելէ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարեւորած է նաեւ «եռեակի» ջանքերը՝ նախեւառաջ տարածաշրջանի առջեւ ծառացած ընկերա-տնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման շրջածիրէն ներս», – նշած է Զախարովան։

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան խօսած է նաեւ «3+3»ի մասին, ըսելով, որ Ռուսաստանը կ'աջակցի «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական մեխանիզմի ստեղծման եւ կը կարծէ, որ եկած է ժամանակը անոր գործարկման ծրագրերը գործնական ուղիի վրայ դնելու։ Այս մասին յայտարարած է

«Ըստ մեզի, «3+3» ձեւաչափը կը համապատասխանէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն», ըսած է ան։

Մեկնաբանելով Վրաստանի դիրքորոշումը՝ Զախարովա նշած է, որ Թիֆլիսի մէջ հակասական յայտարարութիւններ կը հնչեն այս հարթակին մասնակցութեան վերաբերեալ. «Վրաստանը, որպէս ինքնիշխան պետութիւն, իրաւունք ունի հաւատարիմ մնալու իր դիրքորոշման այս հարցով»։

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախաձեռնած «3+3» ձեւաչափը կ'ենթադրէ Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու՝ Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Հայաստանի, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը։