Յակոբ Արշակեանն ընտրուած է ԱԺ փոխնախագահ

2021-08-04
Image

ՀՀ ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ խորհրդարանի նախագահի տեղակալի պաշտօնին ընտրած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածու Յակոբ Արշակեանը:

Քուէարկութենէն ետք ԱԺ հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը յայտնած է, որ քուէարկութեան մասնակցած է 71 պատգամաւոր, որոնք բոլորն ալ կողմ քուէարկած են Յակոբ Արշակեանի թեկնածութեան:

ԱԺ նախագահի երրորդ տեղակալի  պաշտօնի համար թեկնածու առաջադրուած է ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը: Թեկնածուն Իշխան Սաղաթէլեանն է: