Յայտնաբերուած է եւս 8 աճիւն․ ԱԻՊԾ

2021-01-19
Image

ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան արագ արձագանգման յատուկ ստորաբաժանման հերթապահ խումբերը 2020 թուականի 13 նոյեմբերէն առ այսօր թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած բնակավայրերուն եւ դիրքային գօտիներուն մէջ կը շարունակեն  իրականացնել փրկարար-որոնողական աշխատանքներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի ԱԻՊԾ-ն:

18 Յունուարին աշխատանքները իրականացուած են Հատրութ, Մեխակաւան/Ջապրայիլ/ եւ Որոտան /Ղուպաթլու/ ուղղութիւններով: Յայտնաբերուած է եւս 8 աճիւն, որմէ մէկը քաղաքացիական:

Վերջինիս ինքնութիւնը պարզ է:  Ան 1976 թուականին ծնած Հատրութ քաղաքի բնակիչ Արսէն Ղահրամանեանն է: Անոր աճիւնը յայտնաբերուած է Հատրութի շրջանի Այգեստան գիւղի տարանծքէն:

Եւս 5 մարմին յայտնաբերուած է Մեխակաւանէն, մէկը՝ Այգեստանէն, մէկ աճիւն՝ Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բեկ գիւղի նախկին վարչական տարածքէն:

Ընդհանուր առմամբ, Արցախի փրկարարները որոնողական անշխատանքներու շնորհիւ մինչ օրս յայտնաբերած են 1246 ռազմագործողութիւններուն մասնակցած զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձանց աճիւններ: Որոնողական աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ զինծառայողներու հարազատներ, տարածքին ծանօթ ուղեկցող-կամաւորներ:

Աշխատանքներն այս պահուն կ'ընթանան Վարանդայի /Ֆիզուլի/, Ջրականի/Ջապրայիլ/, Հատրութի, Կովսականի /Զանգելան/ շրջաններուն եւ Սիւնիքի մարզի Մեղրի քաղաքի նախկին վարչական տարածքին մէջ: