Յայտնի են բոլոր 18 համայնքներուն մէջ կայացած ՏԻՄ ընտրութիւներու արդիւնքները

Ինչպէս յայտնի է՝ երէկ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ կայացած են Հայաստանի շարք մը խոշորացուած համայնքներու մէջ:
ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է նախօրէին Հայաստանի 18 համայնքներու մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները:
Մասնաւորապէս, Կոտայքի մարզի Չարենցաւան համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Միասնական համայնք» դաշինքը, որ հաւաքած է 6812 ձայն։ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 5571, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը՝ 839 ձայն։
Լոռիի մարզի Տաշիր համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Միասնական համայնք» դաշինքը՝ 5904 ձայնով։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն այս համայնքին մէջ ստացած է 2376 քուէ։
Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ համայնքին մէջ առաջադրուած միակ ուժը՝ «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւնը ստացած է 5275 ձայն։ Այս համայնքին մէջ քուէարկութեան մասնակցած է 5374 քաղաքացի։
Արագածոտնի մարզի Թալին համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ ստացած է 7990 ձայն։ «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւնը Թալինի մէջ հաւաքած է 2323, ՀՅԴ-ն 1193, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը 913, «Կայունութիւն» կուսակցութիւնը 879 ձայն։
Լոռիի մարզի Ալավերդի համայնքին մէջ յաղթած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը, որ ստացած է 6791 ձայն:«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Ալավերդիի մէջ հաւաքած է 6557 ձայն, ՀԱԿ-ը՝ 340, ՀՅԴ՝ 316 ձայն:
Սիւնիքի մարզի Քաջարան համայնքին մէջ յաղթած է «Դէպի միասնութիւն» դաշինքը, որ հաւաքած է 2233 ձայն։ ՔՊ-ն Քաջարանի մէջ ստացած է 1118, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 482 ձայն։
Վայոց Ձորի մարզի Արենի համայնքին մէջ ՔՊ-ն վստահ յաղթանակ տօնած է՝ հաւաքելով 3281 ձայն։ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 388 ընտրող։
Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքին մէջ յաղթած է կլանաւորուած համայնքապետի «Զօրաւոր համայնք» դաշինքը՝ 5685 ձայնով: ՔՊ-ն Բերդի մէջ ստացած 4298, իսկ «Արժանապատիւ սերունդ» դաշինքը՝ 1097 ձայն:
Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքին մէջ եւս յաղթած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ 4093 ձայնով։ «Աշխատանք եւ արդարութիւն» դաշինքը հաւաքած է 2693 ձայն, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը՝ 2307,«Մէկ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 979, «Յանուն հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպանների դաշինք»ը՝ 794, «Զարգացող համայնք» դաշինքը՝ 570, իսկ ՀՅԴ՝ 403 ձայն:
Լոռիի մարզի բերդ համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է ՔՊ-ն, որ ստացած է 1254 ձայն։ «Ապրելու երկիր»-ն այս համայնքին մէջ հաւաքած է 619, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 338 ձայն։
Կոտայքի մարզի Բիւրեղաւան համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Միասնութիւն» դաշինքը՝ 2079 ձայնով։ ՔՊ-ն այստեղ հաւաքած է 1247 ձայն։ «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 1157 ընտրող, ՀՅԴ-ն ստացած է 166 ձայն։
Կոտայքի մարզի Ակունք համայնքին մէջ ՔՊ-ն յաղթած է՝ հաւաքելով 2708 ձայն։ «Համախմբում» դաշինքն այստեղ ստացած է 2098 ձայն։
Շիրակի մարզի Անի համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Ազգ-համայնք» դաշինքը՝ հաւաքելով 3763 ձայն։ ՔՊ-ն Անիի մէջ ստացած է 3032, իսկ «Հայկական երազանք» կուսակցութիւնը՝ 1037 ձայն։
Արագածոտնի մարզի Ծաղկահովիտ համայնքին մէջ եւս յաղթած է ՔՊ-ն։ Իշխող ուժի օգտին այս համայնքին մէջ քուէարկած է 2299 մարդ։ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը հաւաքած է 181 ձայն, «Հզօր համայնք» դաշինքը՝ 1327, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը 539 ձայն։
Լոռիի մարզի Գիւլագարակ համայնքին մէջ թէժ պայքար ընթացած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւններու միջեւ։ ՔՊ-ն ստացած է 1779, «Ապրելու երկիր»-ը՝ 1731 ձայն։
Կոտայքի մարզի Ջրվէժ համայնքին մէջ առաջադրուած միակ ուժի՝ ՔՊ-ի օգտին քուէարկած է 2084 ընտրող։ Ջրվէժի մէջ քուէարկութեանը մասնակցած է 2177 մարդ։
Վայոց Ձորի մարզի Եղեգիս համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է ՔՊ-ն՝ հաւաքելով 1593 ձայն։ «Ազատական» կուսակցութիւնը հաւաքած է 1162, իսկ «Վերելք» կուսակցութիւնը՝ 45 ձայն։