Յայտնի է՝ որ ժամերուն կը սպասուին ԱՄՆ պետքարտուղարի հանդիպումները ՀՀ եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հետ

2020-10-23
Image

Ինչպէս արդէն յայտնի է, այսօր՝ 23 հոկտեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ:

ТАСС գործակալութիւնը, յղում ընելով ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան տարածած հաղորդագրութեան, նշած է, որ յայտնի է, թէ որ ժամերուն նախատեսուած են այդ հանդիպումները:

Երեւանի ժամանակով 17:30-ին Փոմփէոն պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ, իսկ մէկ ժամ անց՝ 18:30-ին, բանակցութիւններ պիտի վարէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ:

Յայտնի է, որ պիտի կայանայ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ հանդիպում, իսկ Ռուսաստանը ներկայացնող համանախագահ Իկոր Փոփովը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի շուրջ առաձին շփումներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան եւս երէկ մեկնած է ԱՄՆ:

Զոհրապ Մնացականեանն արդէն Ուաշինկթըն է եւ հանդիպած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ: