Յարգանքի տուրք՝ անմահացած հերոսներուն

2021-08-13
Image

11 Օգոստոսին Երեւանի թիւ 100 դպրոցի բակին մէջ բացուած է յուշաքար՝ նուիրուած 44-օրեայ պատերազմին զոհուած խաղաղապահ ջոկատի գումարտակի հրամանատարի տեղակալ, մայոր Լեւոն Գարեգինի Սարգսեանի եւ դպրոցի շրջանաւարտ՝ ժամկէտային զինծառայող Ալեքսանտր Աշոտի Կարապետեանի յիշատակին։

Յուշաքարի օծման ներկայ եղած են պատերազմի մէջ հերոսաբար ինկած տղաներու հարազատներն ու ծառայակիցները, պաշտօնատար անձինք։ Դպրոցի ռազմագիտութեան դասասենեակին մէջ ալ փառքի անկիւն բացուած է՝ նուիրուած անոնց յիշատակին։

Միջոցառումէն ետք յարգանքի տուրք մատուցուած է նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ:

 

4