Յարգանքի տուրք՝ Սարդարապատի ճակատարմարտի հերոսներու յիշատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակին:
Հանրապետութեան օրուան եւ 1918թ. մայիսեան հերոսամարտերուն նուիրուած պաշտօնական միջոցառման մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք:
Պետական այրերը ծաղկեպսակներ դրին Սարդարապատի յուշահամալիրի մօտ: