Յարձակողական գործողութիւնները թշնամական ուժերու կողմէ ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին. ՊԲ

Նոյեմբեր 5-ին եւ լոյս 6-ի գիշերը ռազմաճակատի բոլոր հիմնական ուղղութիւններով մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: ՊԲ ստորաբաժանումները պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր վարած են եւ թշնամական ուժերուն ռազմական սարքերու ու մարդկային մեծաթիւ կորուստներ պատճառել արեւելեան, հարաւային ու հարաւ-արեւմտեան հատուածներու մէջ:
Շուշիի ուղղութեամբ թշնամական գրոհային խումբերու բազմակի յարձակման փորձերը նոյնպէս կասեցուած են: Հակառակորդը լուրջ կորուստներ կրած է նաեւ հարաւ-արեւմտեան՝ Բերձորի հատուածի մէջ:
Ամբողջ օրուայ ընթացքին հակառակորդը հրթիռահետանային հարուածներ հասցուցած է նաեւ Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն: Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան տուժածներ:
Յարձակողական գործողութիւնները թշնամական ուժերու կողմէ ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին: Բանակային ստորաբաժանումները լիարժէք կերպով կը վերահսկեն մարտավարական իրադրութիւնը եւ քայլեր կը ձեռնարկեն թշնամական ուժերու հետագայ յայտնաբերման եւ կրակային խոցման ուղղութեամբ: