Յոյսով ենք՝ Ռուսիոյ եւ մեր համագործակցութեամբ կը կարողանանք տարածաշրջանային իրավիճակը պահել վերահսկողութեան ներքոյ. ՀՀ վարչապետ

2022-09-07
Image

Միջազգային հանրութեան եւ Ռուսիոյ ուշադրութեան կեդրոնացումը ուքրանական հարցի վրայ կրնայ յանգեցնել Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի ապակայունացման։ Այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ելոյթ ունենալով Վլատիվոսթոքի մէջ ընթացող Արեւելեան տնտեսական ֆորումի լիագումար նիստին։

Անոր խօսքով՝ մարդկութեան պատմութիւնը բաղկացած է դժուար ժամանակներու շղթայէ եւ յաջորդականութենէ, ուստի որեւէ ճգնաժամային իրավիճակ նոր սպառնալիքներ կը բերէ եւ կը բանայ նոր հնարաւորութիւններ։ «Մեր տարածաշրջանի համար էլ ժամանակները հեշտ չեն, քանի որ այն մարտահրաւէրները, որոնք վաղուց կան, եւ դրանք անվտանգութեան հետ կապուած մարտահրաւէրներ են, գնալով սրւում են։ Դա պայմանաւորուած է ստեղծուած իրավիճակով:  Ամբողջ աշխարհի, այդ թւում` ՀՀ գլխաւոր ռազմավարական գործընկեր ՌԴ–ի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրայ, եւ մտավախութիւն կայ, որ դա կարող է բերել ապակայունացման Լեռնային Ղարաբաղում, որ դա կարող է յանգեցնել մեր տարածաշրջանի ապակայունացմանը»,-ըսած է ան։  

Ան յիշեցուցած է, որ նմանատիպ իրավիճակ ստեղծուած է 2020 թուականին, երբ Ատրպէյճանը՝ օգտուելով այն հանգամանքէն, որ համաշխարհային հանրութեան եւ Ռուսիոյ ուշադրութիւնը սեւեռած է  «Քորոնա» ժահրային համավարակի վրայ, պատերազմ սկսաւ։ «Մենք յոյս ունենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ մեր գործընկերների հետ սերտ համագործակցութեամբ կը կարողանանք կառավարել ու մեր տարածաշրջանային իրավիճակը պահել վերահսկողութեան ներքոյ։ Սա կարեւոր է նաեւ համաշխարհային անվտանգութեան համար»,-աւելցուցած է ան։