Յոյս ունիմ, որ առաջիկային Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը բացուի. Փաշինեան

2023-04-18
Image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու մեծ հնարաւորութիւն կայ։ Ազգային Ժողովէն ներս, ներկայացնելով կառավարութեան ծրագրի 2022-ի կատարողականը, ըսած է վարչապետ Նիկել Փաշինեանը` խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մասին։

«Այդ հնարաւորութիւնը մեծացել է վերդիւանագիտական եւ վերքաղաքական գործօնների` մարդկային արժէքների շնորհիւ, երբ ՀՀ–ն որոշեց տրամաբանութեամբ արձագանգել Թուրքիայում տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին։ Թուրքիան էլ իր հերթին Մարգարայի կամուրջը մեր բեռների համար չէր բացի, եթէ չհաւատար մեր անկեղծութեանը»,–ըսած է Փաշինեան։

Անոր խօսքով` ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի`Անգարա կատարած այցի շրջածիրէն ներս Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց ծածանող ՀՀ տասնեակ դրօշները միայն արարողակարգային վերագրում չեն, այլ արձանագրում, որ յոյսը կրնայ ծագիլ այնտեղ, ուր կը տիրէ յուսահատութիւնը։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դրօշները վեր խոյացան մեր յարաբերութիւններու եւ աղէտալի երկրաշարժի բերած աւերակներու վրայ։

«Յոյս ունեմ, որ առաջիկայում Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը բացուի եւ հիմք կը ստեղծուի հարեւանային, բնականոն յարաբերութիւնների զարգացման համար։ Այս առումով կարեւոր է, որ առաջիկայ ամիսներին երրորդ երկրների քաղաքացիներին եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողների համար սահմանը հատելու պայմանաւորուածութիւնը կեանքի կոչուի»,–ըսած է Փաշինեան։

Նշենք, որ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը փետրուար 6–ին տեղի ունենցած աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ փետրուար 15–ին այցելած էր Թուրքիա։ Բացի այդ, շուրջ 30 տարի անց առաջին անգամ բացուած էր Մարգարայի կամուրջը Թուրքիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու համար։