Յովիկ Աբրահամեան կը մեղադրուի փողերու լուացման, ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու մէջ

2023-04-18
Image

Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման, պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելու եւ ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու մէջ։ Այդ մասին յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն։

«ՀՀ նախկին վարչապետ Յ.Ա.-ն, 2006-2016 թթ․ ժամանակահատուածում հանդիսանալով հանրային պաշտօն զբաղեցնող պաշտօնատար անձ, անցել է պաշտօնէական լիազօրութիւնները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնելու արգելքին հակառակ՝ վստահուած անձանց միջոցով մասնակցել է աւազի արդիւնահանմամբ զբաղող «Աւազահատիկ» ընկերութեան կառավարմանը՝ օրինականացնելով դրա արդիւնքում յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքերը: Յ.Ա.-ն աւազի արդիւնահանում իրականացնող «Աւազահատիկ» ընկերութեան 60 տոկոսի բաժնետէր Գ.Գ.-ի բաժնեմասին ապօրինի տիրանալու եւ վստահուած անձանց միջոցով ընկերութեան կառավարմանը մասնակցելու դիտաւորութեամբ, 2006-2008 թթ․, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինների ներկայացուցիչների միջոցով խոչընդոտներ է ստեղծել ընկերութեան կողմից Արարատի մարզի Նորամարգ համայնքից վարձակալած 5 հա հողատարածքից օրէնքով սահմանուած կարգով իրականացուող աւազի արդիւնահանումը իրականացնելու համար, ինչպէս նաեւ միջոցներ է ձեռնարկել արդիւնահանումը դադարեցնելու ուղղութեամբ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Մեղադրանքին մէջ նշուած է, որ Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը Նորամարգի համայնքապետին յանձնարարած է լուծել համայնքի ու «Աւազահատիկ» ընկերութեան միջեւ կնքուած վարձակալութեան պայմանագիրը։

«Յ.Ա.-ն «Աւազահատիկ» ընկերութեան 60 տոկոսի բաժնետէր Գ.Գ.-ի ընկերոջ՝ Կ.Կ.-ի միջնորդութեամբ, իր աշխատավայրում տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ, Գ.Գ.-ին ներկայացրել է ապօրինի պահանջ, այն է՝ «Աւազահատիկ» ընկերութեան 60 տոկոս բաժնեմասը իր եղբօր՝ Հե.Ա.-ի եւ տուեալ պահին ՀՀ ոստիկանութեան պետի պաշտօնը զբաղեցնող Ա.Ս.-ի ներկայացուցչի անուամբ համամասնօրէն գրանցելու վերաբերեալ: Գ.Գ.-ն, այլ ելք չունենալով, ընկերութեան հետագայ գործունէութիւնը շարունակելու նպատակով, ստիպուած ընդունել է այդ պահին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցնող Յ.Ա.-ի (Յովիկ Աբրահամեանի – խմբ․) առաջարկը եւ իրեն պատկանող բաժնեմասի 30 տոկոսը վաճառել է վերջինիս եղբօրը՝ Հե.Ա.-ին, իսկ միւս 30 տոկոսը՝ Ոստիկանութեան պետ Ա.Ս.-ի եղբօր՝ Ք.Ս.-ի աներորդուն՝ Խ.Ա.-ին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

2008-2015 թուականներու ընթացքին Յովիկ Աբրահամեանը վստահուած անձանց միջոցով, ապօրինի մասնակցելով «Աւազահատիկ» ընկերութեան գործունէութեան, աւազի հանքի շահագործումէն ստացած է շուրջ 230 միլիոն դրամի շահոյթ:

Նշուած դրամական միջոցներն օրինականացնելու նպատակով Յովիկ Աբրահամեանը գումարը միախառնած է իր այլ եկամուտներու հետ, ապա տարատեսակ գոյքեր ձեռք բերած է, դրամատնային գործարքներ կատարելու եղանակներով, ատոնց հաղորդած է օրինական տեսք։ 2008-2015 թուականներու ընթացքին, Յովիկ Աբրահամեանը իր ու իր հետ փոխկապակցուած անձանց անուններով ձեռք բերած է մէկ տասնեակէ աւելի տարբեր արժողութեան գոյքեր: