ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը յայտարարած է, որ «լուրջ մտավախութիւններ» ունի Թուրքիոյ գործողութիւններու կապակցութեամբ

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը յայտարարած է, որ «լուրջ մտավախութիւններ» ունի անդամ-պետութեան` Թուրքիոյ գործողութիւններու կապակցութեամբ, բայց պնդած է, որ դաշինքը կարեւոր հարթակ է Անգարայի հետ կապուած վէճերը լուծելու համար, կը հաղորդէ Arab Weekly-ն:
Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի մէջ իր որոշ դաշնակիցները զայրացուցած է Յունաստանի հետ ծովային տարածքներու վէճի առնչութեամբ իր դիրքորոշմամբ եւ Սուրիոյ, Լիպիոյ ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններուն մէջ իր դերով:
ՆԱԹՕ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յաջորդ շաբաթ պիտի հաւաքուին Պրիւքսէլի մէջ՝ Պայտընի խուբի հետ անձնական հանդիպման համար:
ՆԱԹՕ-ն շատոնց կը փորձէր հարթել Թուրքիոյ հետ ներքին տարաձայնութիւնները՝ մատնանշելով այն դերը, որ Անգարան խաղցած է միլիոնաւոր սուրիացի փախստականները տեղաւորելու եւ «Իսլամական պետութիւն» ծայրայեղական խմբաւորման դէմ պայքարի գործին մէջ:
Անցեալ տարի դաշինքը «հակամարտութիւններու կարգաւորման մեքենականութիւն» ստեղծած է, որպէսզի փորձէ խուսափիլ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բախումներէն, քանի որ Միջերկրական ծովի արեւելքին մէջ լարուածութիւնը կտրուկ աճած է։