Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը (Տեսանիւթ)

2021-09-10
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ, 10 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է կառավարության անդամներու երդման արարողութիւնը:

Ինչպէս տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն, առաջինը երդուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, այնուհետեւ՝ կառավարութեան անդամները՝ ընթերցելով օրէնսդրութեամբ ամրագրուած հետեւեալ տողերը. «Յանուն համազգային նպատակների իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման՝ երդուում եմ բարեխղճօրէն կատարել ժողովրդի առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերի պահպանմանը, հաւատարիմ մնալ Կառավարութեան անդամի բարձր կոչմանը»:

Արարողութեան աւարտին նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորած է վարչապետը եւ կառավարութեան անդամները՝ մաղթելով անոնց արդիւնաւէտ աշխատանք ի շահ պետութեան եւ ժողովուրդի: