Նախագահը ստորագրած է Վաղարշակ Յարութիւնեանի ազատման հրամանագիրը

2021-07-20
Image

Նախագահի հրամանագրով՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանն ազատուած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն։ Կը տեղեկացնէ նախագահի լրատուական ծառայութիւնը։

«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածը, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասը.
պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանին ազատել զբաղեցրած պաշտօնից»,- ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:

Նշենք, որ Վաղարշակ Յարութիւնեանն այսօր պաշտօնէն ազատման դիմում ներկայացուցած էր։