Նախագահ Արմէն Սարգսեանը աշխատանքային այցով մեկնած է Պրիւքսէլ

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցով մեկնած է Պրիւքսէլ:
Այցի ընթացքին կը նախատեսուին Արմէն Սարգսեանի հանդիպումները ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար ՀԵնս Սթոլթենպերկի, Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ:
«Եւրոպական կառոյցներու ղեկավարներու հետ Հայաստանի նախագահը կը նախատեսէ քննարկել Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին եւ անոր մէջ Թուրքիայի բացայայտ ներգրաւուածութեան հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային բնակավայրերու նկատմամբ ազրպէյճանական կողմէ հրետակոծման փաստերը:
Կ՛ակնկալուի, որ ՆԱԹՕ-ի եւ եւրոպական կառոյցներու ղեկավարութեան կողմէ կատարուի հնարաւոր ամէն ինչ` Ազրպէյճանի եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ կողմէ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ կեանքի կոչել հրադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները»,- կը յայտնեն նախագահի մամուլի ծառայութենէն: