Նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպած է ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետ Օնիկ Գասպարեանի հետ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն այսօր հանդիպած է ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի հետ:
Զրուցակիցները մասնաւորապէս անդրադարձած են վերջին իրադարձութիւններու առնչութեամբ ստեղծուած լարուած իրավիճակին: Նշուած է, որ, անկախ այդ կապակցութեամբ որոշումներէ, առաջնահերթ կարեւորութիւն են երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:
Նախագահ Սարգսեանը նշած է, որ զինուած ուժերը մշտապէս պէտք է ըլլան բոլորիս հոգածութեան ներքոյ, եւ ինքը պիտի շարունակէ ուշադրութեան կենդրոն պահել բանակը եւ անոր խնդիրները: