Նախագահ Արմէն Սարգսեանը քուէարկեց

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը կատարած է իր քաղաքացիական պարտքը՝ քուէարկելով Բաղրամեան պողոտայ 3 հասցէին վրայ գտնուող Գրողներու միութեան շէնքին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամասին մէջ։
Հայաստանի մէջ այսօր՝ 20 յունիսին, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ են:
Ընտրական կարգի համաձայն, ժամը 8:00-էն ՀՀ ամբողջ տարածքին բացուած են բոլոր ընտրական տեղամասերը:
Ընտրութիւններուն կը մասնակցի 25 քաղաքական ուժ՝ 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք: