Նախագահ Սարգսեան ԱՄՆ Անկախութեան օրուան ընդառաջ այցելած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանին

2021-07-02
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան ընդառաջ այցելած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսիի կեցավայր:

Նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Թրէյսին եւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ ժողովուրդը ազգային տօնին առիթով:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգի եւ երկկողմ փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարներու մասին։