Նախարար. Պաքուն բացայայտ կոչ կ'ընէ փլուզելու հայկական արժէքները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ

2021-04-28
Image

Պաքուն բացայայտ կոչ կ'ընէ փլուզելու հայկական արժէքները՝ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Այս մասին «Արցախի վտանգուած ժառանգութիւնը. մարտահրաւէրների հանգոյցում» խորագրով համաժողովի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (մարմնամարզութեան) նախարար Վահրամ Դումանեանը:

Ան պարզաբանած է, որ Պաքուն այդպիսով կ'անտեսէ բարոյական եւ իրաւական չափանիշերը, որոնք երկար տարիներ մշակած է քաղաքակիրթ աշխարհը: «Մեր արժէքների համար պայքարի պատմական փորձը մեծ է՝ քոչուոր ցեղերի արշաւանքներից մինչեւ ՀԻն Ջուղայում եւ Ղարաբաղում եզակի խաչքարերի ոչնչացում: Այսօր մենք կրկին բախուում ենք նման բնոյթի լուրջ սպառնալիքի»,-աւելցուցած է Դումանեանը:

Ան նկատած է, որ դժուար է խօսիլ մշակոյթի պահպանման մասին պետութեան մը հետ, որ բացայայտ կոչ կ'ընէ ոչնչացնելու հայկական մշակոյթը:

Դումանեանը աւելցուցած է, որ կազմակերպուած համաժողովն ուղղուած է հասարակութեան իրազեկուածութեան բարձրացման, խնդիրներու վերլուծութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան ֆիզիքական ու տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման հարցով աշխատանքներուն: