Ներկայացուեցան Ատրպէճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ քաղաքացիական անձանց նկատմամբ խոշտանգումներու փաստեր

Նոյեմբեր 4-ին, Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեանը ԵԽԽՎ դիտարկութեան յանձնաժողովի Հայաստանի հարցերով համազեկուցողներ Քիմօ Քիլիւնէնի եւ Պորիանա Ապերկի հետ հանդիպման ընթացքին բարձրացուց Ատրպէճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման հարցը:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց 2021 թուականի սեպտեմբեր 27-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ Արցախեան հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւին համար եւ համազեկուցողներուն տեղեկացուց Ատրպէճանի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ քաղաքացիական անձանց նկատմամբ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի դէպքերուն մասին, որոնք փաստագրուած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ: Մասնաւորաբար, դիտարկութեան անձնակազմին ներկայացուեցան նախաքննութեամբ հաստատուած փաստական տեղեկութիւններ ու վերապրածներու վկայութիւններ՝ ատրպէճանական զինուած ուժերուն կողմէ հայ ռազմագերիներուն եւ պահուող քաղաքացիական անձանց նկատմամբ խոշտանգումներուն, այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքին, արտադատական սպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու կոպիտ խախտումներուն վերաբերեալ:
Ի թիւս այլ հարցերուն՝ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արդարադատութեան ոլորտէն ներս իրականացուող բարեփոխումներուն՝ դատական համակարգի անկախութեան ամրապնդման, դատական իշխանութեան բարեվարքութեան ստուգման, խօսքի ազատութեան ոլորտի կատարելագործման, սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին, իշխանութեան երեք ճիւղերուն միջեւ փոխզսպման ու հակակշռման գործիքներու կատարելագործման: