Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ՚ընթանան ճակատային գիծի որոշ ուղղութիւններով. ՊԲ

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ պահպանուած է յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւն: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտեր:
Երեկոյեան թշնամական ուժերը աշխոյժօրէն կիրառած են անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց մէկ մասը խոցուած է ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու կողմէ: Հակառակորդը շարունակած է հրետակոծել խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս թիրախ յայտնուած է Մարտունի, Մարտակերտ քաղաքն ու Ասկերանի շրջանի վերին ենթաշրջանի գիւղերը:
Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի որոշ ուղղութիւններով: ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն կատարել առաջադրուած մարտական խնդիրը՝ մարտավարական իրադրութիւնը պահպանելով վերահսկողութեան ներքոյ: