Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով. ՊԲ

Գիշերուայ ընթացքին արցախ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերն ու փոխհրաձգութիւնները:
Երեկոյեան, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշները, թշնամական ուժերը հրետակոծած են Ասկերանը, իսկ կէսգիշերին՝ կրկին անգամ թիրախաւորած Մարտունին:
Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով:
ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ կը շարունակուին վարձկան-ահաբեկիչներէ կազմուած թշնամական ներթափանցող խումբերու յայտնաբերման եւ ոչնչացման գործողութիւնը: