Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով

2020-10-21
Image

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները, հրետանային մենամարտերը:

Լուսադէմին, կրկին անգամ խախտելով մարդասիրական հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնները, թշնամական ուժերը կրակի տակ առած են Մարտակերտ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:

Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով: ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու կողմէ հարաւային հատուածին մէջ խփուած է հակառակորդի մէկ ինքնաթիռ:

Մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ: