Ներկայ դրութեամբ թշնամական խմբաւորումներու յայտնաբերման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին

Ամբողջ գիշերուայ ընթացքին ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ շարունակուած են հակառակորդի խմբաւորումներու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ լրահետախուզման եւ կրակային խոցման գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ ոչնչացուած է մեծ քանակութեամբ թշնամական զինամթերք եւ մարդկային ուժ:
Կէսգիշերէն ետք հակառակորդի ուժերը փորձած են նոր յարձակում ձեռնարկել հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ, որ կասեցուած է բանակային ստորաբաժանումներու կողմէ: Թշնամական ուժերը յաջողութեան հասնելու փորձեր ձեռնարկած են նաեւ ճակատային գիծի հիւսիսային հատուածին մէջ, որ նոյնպէս կասեցուած է: Այստեղ եւս թշնամական ուժերը կրած են լուրջ կորուստներ:
Հակառակորդը շարունակած է թիրախաւորել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:
Ներկայ դրութեամբ թշնամական խմբաւորումներու յայտնաբերման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին: