Նիկոլ Փաշինեանը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի ՌԴ

2021-07-06
Image

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը 7 Յուլիսին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն։ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանն ու Վլատիմիր Փութինը պիտի քննարկեն հայ-ռուսական ռազմավարական օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Կողմերը պիտի քննարկեն նաեւ 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 11 Յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքին, ռազմական գործողութիւններէն տուժած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելուն, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու վերականգնման վերաբերող հարցեր։