Նիկոլ Փաշինեանը Գիւմրիի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ծաղկեպսակ զետեղեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Գիւմրիի Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի մօտ։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` 1988թ. երկրաշարժի զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորները:
«Անմեղ զոհերին, բարեգութ սրտերին» յուշակոթողի մօտ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները աղօթք հնչեցուցին զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կարճ զրոյց ունեցաւ հաւաքուած գիւմրեցիներու հետ, որոնք յայտնեցին իրենց աջակցութիւնը վարչապետին:
Յարգանքի տուրքի արարողութեան ներկայ էին նաեւ Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը եւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Աղաջանեանը: