Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի նիստին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 24 Սեպտեմբերին տեսաուղերձի միջոցով ելոյթ պիտի ունենայ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր ասամպլէայի նիստին:
Այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի 76-րդ նստաշրջանի պաշտօնական օրակարգին:
Յիշեցնենք, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը աշխատանքային այցով Նիւ Եորք է, կը մասնակցի Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր ասամպլէայի 76–րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։