Նիկոլ Փաշինեանը ժամանեց Վրաստան

2021-09-08
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնական այցով ժամանած է Վրաստան: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է վարչապետի Խօսնակ Մանէ Գէորգեանը։

Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վրաստանի կառավարութեան ղեկավար Իրաքլի Ղարիպաշվլիի առաձնազրոյցը, այնուհետեւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին ընդլայնուած կազմով:

Երկու երկիրներու վարչապետները ԶԼՄ-ներու համար հանդէս պիտի գան նաեւ բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով: Նախատեսուած է վարչապետի հանդիպումը Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ: Այցի շրջանակէն ներս Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Թիֆլիսի «Հերոսներու» հրապարակին մէջ: