Նիկոլ Փաշինեանը կը գտնուի կարճատեւ արձակուրդի մէջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 31 Օգոստոսէն 3 Սեպտեմբերը ներառաեալ կը գտնուի կարճատեւ արձակուրդի մէջ, որ պիտի անցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Այս մասին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։
Արձակուրդի մէջ գտնուելու ընթացքին վարչապետ Փաշինեանին պիտի փոխարինէ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեանը: