Նիկոլ Փաշինեանը Սամուէլ Կարապետեանի հետ քննարկած է անոր ղեկավարած ընկերութիւններու խումբի ներդրումային ծրագիրներու ընթացքը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ, «Հայաստանի ներդրողներու ակումբ»ի հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպման զրուցակիցները անդրադարձած են տնտեսութեան ոլորտին մէջ ՀՀ կառավարութեան ծրագրերուն, գործարար միջավայրի բարելաւմանն ուղղուած քայլերուն ու բարեփոխումներուն: Այդ ծիրէն ներս քննարկուած են «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի կողմէ իրականացուող ներդրումային ծրագիրներու ընթացքն ու ապագային նախատեսուող նախագիծերը։
Սամուէլ Կարապետեանը վստահեցուցած է, որ բոլոր մեկնարկած ծրագրերը պիտի ըլլան շարունակական: