Նիկոլ Փաշինեանը վաղը մամլոյ ասուլիս պիտի հրաւիրէ. «Հայկական Ժամանակ»

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վաղը ասուլիս պիտի հրաւիրէ: Այդ մասին յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ» թերթը։
Ըստ աղբիւրի՝ ինչպէս նախորդ ասուլիսին, այս անգամ եւս լրագրողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան անձամբ հարցեր յղելու Կառավարութեան ղեկավարին:
Թերթի տեղեկութիւններով՝ այս անգամ, նախորդ ասուլիսի համեմատ, աւելի շատ լրատուամիջոցներ պիտի հրաւիրուին: