Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Ղազախստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Ղազախստան՝ մասնակցելու 5 փետրուարին կայանալիք Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, պատուիրակութեան կազմին մէջ է ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Ղեւոնդեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Վարոս Սիմոնեանը, ՊԵԿ նախագահի տեղակալ Աշոտ Մուրատեանը եւ այլք։
2021 թուականի 1 յունուարէն Ղազախստանի Հանրապետութիւնը ստանձնած է նախագահութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան մարմիններուն մէջ:
Եւրասիական տնտեսական միութիւնը տարածաշրջանային տնտեսական համարկման միջազգային կազմակերպութիւն է՝ օժտուած միջազգային իրաւական գոյակգութեամբ եւ հիմնադրուած Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագրով: