Նիկոլ Փաշինեանի մեկնած «համախմբման ձեռքը» օդը չմնաց

2021-06-23
Image

20 Յունիսի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով առաջին տեղը զբաղցուցած եւ նոր Կառավարութիւն ձեւաւորելու հնարաւորութիւն ստացած ուժի՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի մեկնած «համախմբման ձեռքը» օդը չմնաց: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայկական Ժամանակ»ը:

Երէկ ընտրութիւններուն մասնակցած եւ անցողիկ շեմը չյաղթահարած շարք մը ուժերու ներկայացուցիչներ վարչապետի պաշտօնակատարի հետ ձեռքսեղմամբ ազդարարեցին Հայաստանի մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի ձեւաւորման իրենց պատրաստակամութեան մասին:

Երէկուայ դրութեամբ, սակայն, հանդիպումներուն չմասնակցեցան խորհրդարան անցած արմատական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները: «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Քոչարեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ, որ ինքը չի նկատեր Փաշինեանի մեկնած երկխօսութեան ձեռքը:

Յիշեցնենք, երկխօսութեան եւ համախմբման առաջարկը վարչապետի թեկնածուն հնչեցուցած էր նախօրէին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած ամփոփիչ հանրահաւաքի ժամանակ:

Վարչապետի թեկնածուն յատուկ ընդգծեց եկեղեցւոյ մասին՝ շեշտելով, որ «ձայն բազմաց, ձայն Աստծոյ, եւ Աստծոյ ձայնին առաւելեւս որեւէ հոգեւոր սպասաւոր հակադրուելու իրաւունք չունի»:

Յիշեցնենք, պատերազմէն ետք ինչպէս առանձին եկեղեցական սպասաւորներ, այնպէս ալ Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը պահանջած էին Փաշինեանի հրաժարականը, հանդէս եկած ընդդիմադիր յայտարարութիւններով:

Երէկ, սակայն, Մայր աթոռը արձագանգեց Փաշինեանի՝ երկխօսութեան կոչին: Արձագանգին մէջ, թէեւ որեւէ բառ չկար ընտրութիւններուն յաղթած ուժին ուղղուած շնորհաւորանքի մասին, սակայն ակնյայտօրէն կ'ակնարկուէր, որ ընդունած են ընտրութիւններու արդիւնքները:

Դրական գնահատելով Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած համերաշխութեան կոչը եւ ողջունելի համարելով վարչապետի պաշտօնակատարի կողմէ հոգեւոր առաջնորդներուն ուղղուած երկխօսութեան առաջարկը, Մայր աթոռը յայտարարած էր. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս հանդէս է եկել այս դիրքերից եւ ակնկալում է, որ նոր ձեւաւորուող իշխանութիւնը գործնական եւ հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկի Եկեղեցւոյ հետ գործակցութեան իրենց իսկ առաջարկն իրականացնելու, ինչպէս եւ հանրային համերաշխութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ»։

Յաղթած ուժի առաջնորդին շնորհաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը, որ եւս արտահերթ ընտրութիւններ պահանջողներէն էր: