Նիկոլ Փաշինեանն աշխատանքային այցով ժամանած է Իրան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն աշխատանքային այցով ժամանած է Իրան, կը տեղեկացնէ IRIB լրատուական գործակալութիւնը: Օդանաւը վայրէջք կատարած է Թեհրանի Մեհրապատ օդակայանին մէջ։
Փաշինեանը պիտի մասնակցի Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի երդմնակալութեան արարողութեան:
Նախատեսուած է ՀՀ վարչապետի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպումը: