Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է ՔՊ նորընտիր պատգամաւորներու հետ

2021-07-26
Image

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակով առաջադրուած եւ ընտրուած պատգամաւորներու հետ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հանդիպումը մեկնարկած է ՔՊ գրասենեակին մէջ:

Հանդիպումէն առաջ պատգամաւոր Հրաչեայ Յակոբեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ չի գիտեր, թէ ինչ օրակարգով պիտի հանդիպին: Ան չէ բացառած, որ անդրադարձ կ'ըլլայ նաեւ սահմանային իրավիճակին:

8-րդ գումարման ԱԺ առաջին նստաշրջանը պիտի հրաւիրուի 2 Օգոստոսին: