Նոյեմբեր 23-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չպայթած զինամթերքէն մաքրուած է 1900 հա տարածք, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 25 404 պայթիւնավտանգ առարկայ

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ իր առաջադրանքներու կատարումը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Խաղաղապահներն իրավիճակի եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ'իրականացնեն 27 դիտակէտերէ: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդուի, հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով: Ռուս խաղաղապահ զօրակազմն ապահովուած է Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու վեց շարասիւնի տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով:
Ռուս խաղաղապահները կ'ապահովեն քաղաքացիներու տեղաշարժման անվտանգութիւնն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնումը:
Մարդասիրական արձագանգման ռուսական կեդրոնի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն ականազերծման աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Վերջին մէկ օրուան մէջ մաքրուած է 10 հա տարածք, 3 քմ ճանապարհ, յայտնաբերուած է 17 պայթիւնավտանգ առարկայ: Ընդհանուր առմամբ, 2020 թուականի 23 նոյեմբերէն ի վեր չպայթած զինամթերքէ մաքրուած է 1900 հա տարածք, 583 քմ ճանապարհ, 1658 շինութիւն, այդ շարքին՝ 30 ընկերային նշանակութեան կառոյց: Յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 25 404 պայթիւնավտանգ առարկայ: