Նոր լարումի հաւանականութիւնը շատ մեծ է. Նիկոլ Փաշինեան

2023-03-14
Image

Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի նոր յարձակման հաւանականութիւնը շատ բարձր է․  ասուլիսին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Պէտք է տեսնենք Ադրբեջանի շարունակուող ագրեսիւ (յարձակողական) հռետորաբանութիւնն ու քաղաքականութիւնը, որն անընդհատ աճել է: Այն աճել է 2020թ. պատերազմից առաջ եւ յետոյ: Կարծում եմ, որ այժմ շատ մեծ է էսկալացիայի (սրացման) հաւանականութիւնը ե՛ւ Հայաստանի սահմանի երկայնքով, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղում»,- յայտարարած է Փաշինեան:

Ան այս եզրակացութեան եկած է Ատրպէյճանի «աւելի ու աւելի ագրեսիւ դարձող հռետորաբանութիւնից», ինչպէս նաեւ «այլ տուեալներից»։ Ան նշած է` Հայաստանը չէ, որ կը նախաձեռնէ մագլցում եւ յարձակողական գործողութիւններ:

«Այդ է պատճառը, որ Հայաստանը որոշում կայացրեց հրաւիրել Եւրամիութեան դիտորդներին: Մինչ այդ Ադրբեջանը ցանկացած էսկալացիա բացատրում էր Հայաստանի գործողութիւններով»,- ըսած է Փաշինեան` տեղեկացնելով, որ նախորդ տարի հոկտեմբերին Փրակայի մէջ եղած է նախնական պայմանաւորուածութիւն՝ սահմանի երկու կողմերուն Եւրոպական Միութեան դիտրոդներ տեղակայելու վերաբերեալ։

«Ընդ որում, Ադրբեջանի նախագահը Ֆրանսայի նախագահի եւ Եւրամիութեան Խորհրդի նախագահի ներկայութեամբ համաձայնեց, հետագայում հրաժարուեց այդ տարբերակից», – յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան։

Կրկնելով, որ մեծ է նոր լարումի հաւանականութիւնը՝ Փաշինեան շեշտած է, որ «շատ պատեհ կը լինի, որ Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուի միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն»։