Շուշիի մօտ Ատրպէյճանցիները կրակած են քաղաքացիներու Վրայ. Կայ շէկ զոհ. ԱԱԾ

2021-11-10
Image

«Շուշիի մօտ մէկ հոգի զոհուել է, երեքը վիրաւորուել են». ըստ Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) քաղաքի մօտակայ խաչմերուկին վրայ Նոյեմբեր 8-ին ատրպէյճանական կողմէ կրակոցներ արձակուած են տուեալ վայրը ջրատար խողովակներու վրայ աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձերուն վրայ:

Անոնք փոխադրուած են Ստեփանակերտի հիւանդանոց: Երեք վիրաւորներուն կը ցուցաբերուի բժշկական օգնութիւն, հաղորդած է Արցախի ԱԱԾ-ն:

Դէպքի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ, իրաւապահ կառոյցները կը կատարեն օփերաթիւ-հետախուզական եւ քրէադատավարական միջոցառումներ:

Ատրպէյճանական կողմէ դեռ որեւէ արձագանգ չկայ:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 9-ին Մարտակերտի յարակից տարածքը գտնուող նռան այգին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիպուկահարի կրակոցէն զոհուած էր քաղաքի 55-ամեայ բնակիչը: