Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է զրահամեքենաներու կուտակում, որոնք ոչնչացուած են հայկական ուժերուն կողմէ

2020-11-05
Image

Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդի զրահամեքենաներու կուտակում, որ Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու ճշգրիտ կրակով ոչնչացուած է: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը։

«Այսօր ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ շարունակուած են մարտական գործողութիւնները, որու ընթացքին տարբեր ուղղութիւններով թշնամական ուժերը ձեռնարկած են յարձակման փորձեր, որոնք ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած քայլերու հետեւանքով չէզոքացուած են: Մասնաւորապէս Քարին տակի եւ Լիսագորի հատուածներուն մէջ նկատուած թշնամական փոքր խումբերը ոչնչացուած են մեր դիպուկահարներու եւ այլ կրակային միջոցներու դիպուկ կրակով: Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդի զրահամեքենաներու կուտակում, որ եւս ՊԲ ստորաբաժանումներու ճշգրիտ կրակով ոչնչացուած է:

Ներկայիս կը շարունակուին ներթափանցող խումբերու յայտնաբերման եւ ոչնչացման գործողութիւնները»,- կը յայտնէ Պաշսպանութեան Բանակը։