Շուշին թշնամիի ճիրաններէն փրկելու նպատակով շատերը արդէն Արցախ կը շտապեն. Վահրամ Պօղոսեան

2020-10-30
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի՝ այսօր Շուշի քաղաքէն հնչեցուցած կոչէն ետք շատերը արդէն Արցախ կը շտապեն՝ մեծ ու փոքր ջոկատներով:

Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

«Արցախի Հանրապետութեան նախագահի՝ այսօր Շուշի քաղաքէն հնչեցուցած կոչը մեծ արձագանգ գտած է: Անընդհատ զանգեր կը ստացուին ՀՀ տարբեր մարզեր եւ մայրաքաղաք Երեւան բնակող մեր բազմաթիւ հայրենակիցներէն:

Հայոց բերդաքաղաքին սպառնացող վտանգը ոչ միայն իրապէս մտահոգած է անոնց, այլեւ այն թշնամիի ճիրաններէն փրկելու նպատակով շատերը արդէն Արցախ կը շտապեն՝ մեծ ու փոքր ջոկատներով։ Մեզմէ իւրաքանչիւրի անձնական ներդրումն է միայն, որ կրնայ փրկել Շուշին ու ռազմագործողութիւններուն հաղորդել բաղձալի բեկումը։

Կը սպասենք…»,- գրած է Պօղոսեանը: