Շուշի-Քարին Տակ հատուածին մէջ ուժգին մարտեր ընթացած են, հակառակորդը նահանջած է` կորսնցնելով մեծ քանակութեամբ ուժեր. ՊԲ

2020-11-09
Image

Նոյեմբեր 8-ին եւ լոյս 9-ի գիշերը ՊԲ ստորաբաժանումները պաշտպանողական մարտեր վարած են ճակատային գիծի հարաւարեւելեան, հարաւային եւ հարաւարեւմտեան ուղղութիւններով: Շուշի-Քարին տակ հատուածին մէջ ուժգին մարտեր ընթացած են թշնամական յայտնաբերուած խմբաւորումներու դէմ, որու հետեւանքով թշնամին, կորսնցնելով մեծ քանակութեամբ ուժեր, նահանջած է:

Իւրային զօրքերը զբաղցուցած են առաւել նպաստաւոր բնագիծեր: Նշուած ժամանակահատուածին մէջ ճակատային գիծի տարբեր ուղղութիւններով ոչնչացուած է թշնամական ուժերուն պատկանող 1 հրասայլ, 4 միաւոր ռազմամեքնայ եւ 8 անօդաչու թռչող սարք: Հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ ընթացող գործողութիւններու շնորհիւ բանակային ստորաբաժանումները առգրաւած են նաեւ թշնամական 1 հրասայլ եւ հրետանային միջոցներ: Մարտական գործողութիւններու վարման ամբողջ ընթացքին հակառակորդը շարունակած է օդային եւ հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերուն: Առաւօտեան ճակատային գիծի բոլոր հիմնական ուղղութիւններով թշնամական ուժերու յարձակման փորձերը վերսկսած են:

Մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ: