Շուրջ 100 Լիբանանահայեր մասնակցած են Զարեհ Սինանեանի մօտ հայրենադարձութեան խնդիրներով քննարկման
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի մեկնարկած «Հայրենադարձի իրազեկման շարք» նախաձեռնութեան առաջին հանդիպումը «Լիբանանահայեր. ինթեկրման (համարկման) հարցեր» թեմայով էր:
Այս մասին յայտնած են յանձնակատարի գրասենեակէն՝ աւելցնելով, որ գրասենեակին մէջ կայացած քննարկման կը մասնակցէին շուրջ 100 հայրենադարձ լիբանանահայեր:
Հայրենադարձութեան եւ համարկման հարցերու համակարգող Յովհաննէս Ալեքսանեանը նախ ներկայացուցած է հայրենադարձներու համարկման խնդրիներուն եւ լուծումներուն վերաբերող տեղեկատուութիւն՝ պարզաբանելով ՀՀ քաղաքացիութեան ու կացութեան կարգավիճակի ձեռքբերման, գրանցման, նախակրթարաններուն, հանրակրթական, բուհական, առողջապահական հաստատութիւններուն մօտ արձանագրուելու, անձնական օգտագործման գոյքն ու մեքենան առանց մաքսային տուրքի վճարման մաքսազերծելու, ընկերային օժանդակութեան, աշխատանքի տեղաւորման, զինուորական ծառայութեան, վարորդական իրաւունքի ձեռքբերման, ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ծաւալելու եւ այլ հարցեր։
Հայրենադարձներու բարձրացուցած խնդիրները տարաբնոյթ էին՝ բնակավարձերու հարցով պետական աջակցութիւն եւ բնակվարձի թանկացման վերահսկում, հիպոթէքային (վարկային) բնակարանային ծրագրի ներդրում, առողջապահական երաշխիքներ, աշխատանքի եւ անոր դիմաց բաւարար վարձատրութիւն, ուսման վճարներու փոխհատուցման հարցեր եւ այլն։ Հարց ու պատասխանի ժամանակ աշխատակիցներն արձանագրեցին հայրենադարձներու բարձրացուցած խնդիրները, առաջարկեցին որոշ լուծումներ։
Բարձրացուած խնդիրներու ու հարցերու մէկ մասը պիտի քննարկուի ոլորտային պետական այլ լիազօր մարմիններու հետ՝ լուծումներ գտնելու նպատակով։