Շրջափակուած Արցախի մէջ ծնած է 26 երեխայ

2022-12-21
Image

Այն ընթացքին, երբ Արցախը Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակուած է, Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 26 երեխայ՝ 13 աղջիկ եւ 13 տղայ։ Այս մասին յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը։

Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերէն Ատրպէյճանը փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը: Արցախի 120 հազարանոց բնակչութիւնը շրջափակման մէջ է։ 1100 արցախցի, որմէ 270-ը անչափահաս, տուն վերադառնալու հնարաւորութիւն չունի: